2013-03-27 08:49:36

Երկօրեայ Վեհաժողովին Ընթացքին Խաղաղութեան Կոչ Ուղղելով` Արաբ Վեհապետները Ճանչցան Սուրիական Ընդդիմութեան «Օրինականութիւնը


Երէկ եւ այսօր շարունակուող արաբական վեհաժողովը Տոհայի մէջ վաւերացուց Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի «օրինականութիւն»-ը անոր հրաժարեալ նախագահին` Մաազ Խաթիպի յանձնելով Սուրիոյ օրինական աթոռը վեհաժողովի ընթացքին:
16 արաբ վեհապետներու ներկայութեան արաբական 24-րդ վեհաժողովը երէկ եկաւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ լուծման կոչ ուղղելու: Ժողովականները, ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, իրաւունք տուին արաբական իւրաքանչիւր պետութեան սուրիացի ընդդիմադիրներուն օգնելու նաեւ զինուորապէս: Անոնք բնական ու օրինական նկատեցին, որ Լիբանան ինքզինք պաշտպանէ արտաքին ոտնձգութիւններու դէմ: Ժողովականները կոչ ուղղեցին մօտերս միջազգային համագումար մը կայացնելու ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ` քննելու համար յետպատերազմեան Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներն ու գաղթականներու մերձակայ երկիրներուն մէջ բաշխումի համակարգումի ճիգերը:
Ժողովականները կոչ ուղղեցին տեղական թէ միջազգային կազմակերպութեանց` ճանչնալու եւ օգնելու Սուրիոյ ընդդիմութեան:
Վեհաժողովի երէկուան նստաշրջանի աւարտին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի տուած մամլոյ ասուլիսին մէջ նշուեցան նաեւ արաբական հրատապ այլ հարցերու գծով որոշումներ, ինչպէս` սեղմ վեհաժողովի մը կայացումը` միջպաղեստինեան կացութեան քննարկման գծով:
Սուրիոյ գծով նաեւ նշուեցաւ մօտալուտ կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ պաշտօնապէս պիտի փոխարինէ Սուրիոյ վարչակարգը եւ ստանձնէ անոր դիրքերը` շրջանային թէ միջազգային մարմիններու մօտ:
Քուէյթի էմիրը առաջարկեց, որ յառաջիկայ վեհաժողովը գումարուի Քուէյթի մէջ:
Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի հրաժարեալ նախագահ Մաազ Խաթիպ, որ պաշտօնապէս Սուրիան կը ներկայացնէ վեհաժողովին, ժողովականներէն ու յատկապէս ՕԹԱՆ-ի ուժերէն պահանջեց միջամտել Սուրիոյ դէպքերուն` վերջ տալու համար այդտեղի «սպանդներ»-ուն:
Ի պատասխան Խաթիպի, ՕԹԱՆ-ի մէկ բանբերը յայտնեց, որ Հիւսիսային ատլանտեան ուխտի ղեկավարները առայժմ միջամտելու մտադրութիւն չունին:
«Սքայ Նիուզ» յայտնեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ (ուր կը գումարուի վեհաժողովը), բացումը պիտի կատարուի սուրիական նոր դեսպանատան:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրներու զօրակցութեան եւ զինամթերքի հայթայթման որոշումը չի խանգարեր քաղաքական լուծման երթը:
Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ Պըն Ժասեմ, վեհաժողովի աւարտին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Ասատ ինք է, որ «խախտած է միջազգային օրէնքները` քանդելով իր երկիրն ու ժողովուրդը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.